August 02, 2022
A- A+
read

Ծանուցագիր Ընդհանուր ժողովի գումարման

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան («Միութիւն») Կեդրոնական Վարչական Ժողովը այսու կը ծանուցանէ եւ կը հրաւիրէ Միութեան բոլոր իրաւասու անդամները մասնակցելու Միութեան 92-րդ Ընդհանուր Ժողովին, որ պիտի գումարուի Շաբաթ 8 Հոկտեմբեր 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ և Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի մէջ, Վաղարշապատ, Հայաստան:

92-րդ Ընդհանուր Ժողովի գումարման վերաբերեալ միակ ծանուցագիրն է այս:  Հետեւաբար, Միութեան իրաւասու անդամներէն կը խնդրենք որ վերոյիշեալ թուականին ժողովին մասնակցին անձամբ կամ իրենց փոխանորդագիրները` գործադրուած եւ վաւերացուած ըստ Ծրագիր Կանոնագիրի տրամադրութեան, ել-նամակով կամ նամակատան միջոցաւ ուղարկեն Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիրին, ամենաուշ մինչեւ 7 Սեպտեմբեր 2022, կեդրոնական գրասենեակի հետեւեալ հասցէով՝ agbucb@agbu.org (ել-նամակ) կամ (նամակատան միջոցաւ)՝

Armenian General Benevolent Union
Central Board of Directors
55 East 59th Street, 7th Floor
New York, NY 10022, U.S.A.

ԺՈՂՈՎԻ ՕՐԱԿԱՐԳ

  1. Նկատառում եւ վաւերացում Միութեան 2020 եւ 2021 տարեշրջաններու ընդհանուր գործունէութեան  տեղեկագիրներուն:
  2. Նկատառում եւ վաւերացում Միութեան 2020 եւ 2021 տարեշրջաններու հաշուական տեղեկագիրներուն:
  3. Ընտրութիւն Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամներու:
  4. Ընտրութիւն Հաշուեքննիչ Յանձնախումբի անդամի մը:
  5. Քննարկում վերոնշեալ օրակարգերուն առնչուող որեւէ հարցի, ինչպէս նաեւ ժողովի աշխատանքներուն ընթացքին արծարծուած կամ ըստ Ծրագիր Կանոնագիրի ժողովին ներկայացուած հարցերու, կամ անոնց աւարտման կամ հետաձգումին վերաբերեալ:
  6. Քննարկում Ընդհանուր Ժողովի յանձնարարութիւններու եւ բանաձեւերու:

Հ.Բ.Ը.ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ                 

Պերճ Սեդրակեան, Նախագահ

Սարգիս Ճէպէճեան, Ատենադպիր                                         

2 Օգոստոս 2022