January 19, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը եւ Ստեղծարար Հայաստանը Արցախի Տագնապին Մասին Համաշխարհային Իրազեկում կ'իրականացնեն «Չտեսնուած Հանրապետութիւն» Ֆիլմի Առցանց Թողարկումով

  • Image
    Film poster for Invisible Republic
  • Image
    Invisible Republic, Still 1
  • Image
    Invisible Republic_Still 2
  • Image
    Invisible Republic, Still 3
  • Image
    Invisible Republic_Still 5
  • Image
    Invisible Republic_Still 5
  • Image
    Invisible Republic_Still 6

Արցախեան Պատերազմը Վաւերագրող «Չտեսնված Հանրապետություն» շարժանկարը Համաշխարհային Ցուցադրութեան Վերաբերեալ Յայտարարութիւն Կը Կատարէ

Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը եւ «Ստեղծարար Հայաստան»-Creative Armenia)-ն, Արցախի դիմագրաւած մարդասիրական ճգնաժամին ի տես, իրազեկումի եւ տեղեկութիւններու բաժնեկցութեան քարոզարշաւ մը նախաձեռնած են։ 

Արցախի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամին լոյսի ներքոյ, երբ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումին պատճառով հանրապետութեան 120,000 հայ բնակիչները սննդեղէնի, առողջութեան եւ մարդասիրական տակաւ խորացող ճգնաժամային վիճակի մատնուած են, «Չտեսնված Հանրապետություն» ֆիլմի հեղինակները թուային եղանակով զայն հասանելի դարձուցած են աշխարհի բոլոր անկիւնները։ Ոգեշնչուած Լիքա Զաքարեանի պատերազմական ազդու օրագրէն, մրցանակակիր այս վաւերագրական ֆիլմը արդէն իսկ կարելի է դիտել առցանց եղանակով այստեղ։ 

Շարժանկարի ցուցադրութիւններուն հետ միասին իրազեկումի եւ լուսաբանութիւններու տարածումի համապարփակ քարոզարշաւ մը կազմակերպուած է, զոր կը գլխաւորեն Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ․Բ․ԸՄ․) եւ «Ստեղծարար Հայաստան»-Creative Armenia-ն։ Այժմ, Լոնտոնի, Փարիզի, Մատրիտի, Պեռլինի, Զիւրիխի եւ այլ քաղաքներու մէջ կառավարական ներկայացուցիչներու, մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու համար ֆիլմին ցուցադրութիւնները կը կազմակերպուին: Ֆիլմէն հատուածներ կրնաք դիտել հոս

Թուային եղանակով դիտողներու համար կը կազմակերպուին նաեւ առցանց միջոցառումներ։ Այժմ դիտեցէք ֆիլմը, որմէ ետք միացէք ZOOM-ի ուղիղ քննարկումին, Յունուար 24-ին, Արցախի ժամանակով ժամը 23:00-ին (11:00ին՝ Լոս Անճելոսի ժամանակով, 23:00-ին՝ Նիւ Եորքի ժամանակով, 20:00-ին՝ Փարիզի ժամանակով), որոնց ընթացքին գրող Լիքա Զաքարեանի, բեմադրիչ Կարին Յովհաննէսեան եւ ֆիլմի արտադրողներ Սերժ Թանքեանի եւ Ալեք Մուհիպեանի հետ հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան: Հարցերը եւ պատասխանները պիտի ըլլան անգլերէնով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն համաժամանակեայ թարգմանութիւններով: Արձանագրուեցէ՛ք այստեղ։

«Ասիկա միայն իմ մասին պատմող ֆիլմ մը չէ»,- կ՛ըսէ Լիքա Զաքարեան, որ շրջափակումի պատճառով 38 օրերէ ի վեր բաժնուած կը մնայ իր ընտանիքէն։ «Ընտանիքիս, ընկերներուս եւ ժողովուրդիս պատմութիւնը եւ ողբերգութիւնն է, որ ցաւալիօրէն չէ աւարտած տակաւին: Անհամբեր կը սպասեմ ֆիլմը ձեզի ներկայացնելու առիթին, խօսելու Արցախի պատմութեան եւ հիմա հոն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն միասին, ինչպէս նաեւ խորհելու թէ ի՞նչ կրնանք ընել կանխելու հայ ժողովուրդի դէմ հերթական ցեղասպանութիւնը»։

«2020ին, Ատրպէյճանի նախաձեռնած 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ ապրուած իրողութիւններու այս պատմութիւնը մարդկային իրական փորձառութեան վաւերացումն է: Արցախը այսօր տարածքային շրջափակումի սպառնալիքի տակ է, որ կը վտանգէ անոր քաղաքացիներուն կեանքը։ Աշխարհատարած հայութեան կոչ կ՛ուղղենք բաժնեկցելու Լիքայի ընկերային ցանցի էջերը եւ տպաւորիչ այս վաւերագրական ֆիլմին միջոցով տարածելու տեղեկութիւններ այսօր հոն տեղի ունեցողին մասին», ըսաւ Հ․Բ․Ը․ Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Անի Մանուկեան եւ աւելցուց․ «Մենք չենք կրնար լուռ դիտորդներ մնալ, երբ մեր հայրենակիցները պէտք ունին մեր ձայնին»։

Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը եւ «Ստեղծարար Հայաստան»-Creative Armenia-ն իրենց համայնքներէն կը խնդրեն.

  • ԴԻՏԵ՛Լ

«Չտեսնված Հանրապետություն» շարժանկարը դիտեցէ՛ք համացանցի  միջոցով այստեղ: Ֆիլմը, որ հասանելի է անգլերէն, հայերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, ոչ միայն 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին տրամատիք պատկերն է, այլ նաեւ կարեւոր եւ համապարփակ ակնարկ անոր նորագոյն պատմութեան եւ այժմու ճգնաժամին: Առ ցանց տոմսերու սակագինը 10 տոլար է, իսկ ողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամներուն։

  •  ՍՈՐՎԻ՛Լ

Իմացէք Արցախի մասին՝ միանալով մեր թուային միջոցառումներուն, լսելու Լիքային եւ ֆիլմի հեղինակներուն։ Միջոցառումները կը սկսին Երեքշաբթի, Յունուար 24-ին, ZOOM-ի միջոցով։ Միջոցառման մասնակցելու համար արձանագրուիլ այստեղ։ Արցախի պատմութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ օգտակար յղումներ ստանալու, կամ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Արցախի օգնութեան համաշխարհային հիմնադրամին աջակցելու համար այցելեցէք www.agbu.org/artsakh. կայքԷջը։ Հետեւեցէք «Չտեսնված Հանրապետությունի» ընկերային ցանցերուն (Facebook, Instagram, Twitter), AGBU (Facebook, Instagram, Twitter) եւ Creative Armenia (Facebook, Instagram, Twitter).

  • ԲԱԺՆԵԿՑԻԼ

Ֆիլմը կրնաք բաժնեկցիլ ոեւէ անձի հետ, որ անտեղեակ է հարցէն, կամ թերեւս կրնայ ազդեցութիւն բերել Արցախին եւ անոր մասին տեղեկութիւններ տարածել։ Լիքայի պատմութիւնը տարածեցէք սեղմելով «տալ որպէս նուեր» այստեղ։ Եթէ կը կարծէք թէ ֆիլմին կենդանի ցուցադրութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ մեր ընդհանուր ջանքերուն, ճիգեր գործադրեցէք այդ ուղղութեամբ եւ invisiblerepublicfilm.com-ի միջոցով դիմեցէք մեզի։ 

«Մենք այս ֆիլմը նկարահանած ենք ընդհանրապէս Արցախի եւ մասնաւորապէս 2020ի 44-օրեայ պատերազմի մասին միջազգային իրազեկութիւնը բարձրացնելու նպատակով»,- ըսաւ շարժանկարին արտադրիչ Դոկտոր Էրիք Իսրայէլեանը, որ նաեւ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ է, միեւնոյն ատեն հիմնադիր անդամը «Ստեղծարար Հայաստան» Creative Armenia-ի։ «Բայց պատերազմի ամենամութ էջը, ըստ երեւոյթին, չէ թերթուած տակաւին: Մենք որոշած ենք ընդարձակել տարածումի ծրագիրները եւ աշխարհը հաղորդակից դարձնել Լիքայի պատմութեան, յուսալով, որ այդ պատմութիւնը, մանաւանդ ճգնաժամի այս պահուն, սիրտեր եւ միտքեր կը շարժէ՝ կանգնելու Արցախի ժողովուրդի կողքին»։ Ան աւելցուց թէ ֆիլմին ողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախին մարդասիրական օգնութիւն ցոյց տուող բարեսիրական կազմակերպութիւններուն,  ներառեալ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Օգնութեան համաշխարհային հիմնադրամին:

«Չտեսնված Հանրապետություն», կամ «Ստեղծարար Հայաստան»- Creative Armenia-ի հետ առնչուող հարցումներու պարագային կրնաք դիմել anush@creativearmenia.org-ին, իսկ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի առնչուող հարցումներու պարագային՝ info@agbu.org-ին։

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: 

Creative Armenia-ն արուեստի համաշխարհային հիմնադրամ է՝ ի նպաստ հայ ժողովուրդի եւ կ՛իրականացնէ «Արուեստագէտները յանուն Արցախի» ծրագիրը: Զոյգ կազմակերպութիւնները միասին կ՛իրականացնեն Creative Armenia-AGBU Fellowships-ը եւ «Քաթափուլթ» ստեղծարար ծրագիրը։ Անոնք նաեւ համագործակցած են բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, որոնք ուղղուած են Արցախի ի նպաստ քարոզարշաւներու եւ դրամահաւաքներու։ 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէ՛ք agbu.org եւ creativearmenia.org կայքէջերը։